«Մարտական Դիրքի Անձնակազմը Մինչեւ Վերջ Մարտնչած է». Բացառիկ Պատկերներ Յարձակման Ենթարկուած Դիրքէն
«Զինուժ» մետիան բացառիկ պատկերներ հրապարակած է այսօր յարձակման ենթարկուած դիրքէն եւ զրուցած է մարտական գործողութիւններուն մասնասկցած զինծառայողներու հետ:
«Մարտական դիրքի անձնակազմը մարտ վարած է, մարտնչած է մինչեւ վերջ, պահած հարեւան դիրքը, դիրքի մատոյցները գրաւած, մինչեւ որ գումարտակը իր ուժերով կազմակերպած է հակագրոհ եւ հակառակորդին կորուստներ պատճառելով դուրս շպրտած է նախնական դիրքեր»,- ըսած է գումարտակի հրամանատար Վոլոտիա Սողոմոնեան:
Դասակի հրամանատար Հայկազ Գրիգորեան ըսած է, որ իրենց ստորաբաժանման կազմով մարտավարութիւն մշակելով, հակառակորդը շրջանցելով վերագրաւած են դիրքը:
«Յստակ ես իմ դասակի անձնակազմին հետ վարէն կը յարձակէի, հակառակորդը (ԹՇՆԱՄԻ,- խմբ.) դեռ այստեղ էր, մինչեւ մենք հասանք, հակառակորդը (ԹՇՆԱՄԻ,- խմբ.) նահանջեց»,- պատմած է ան:
Մանրամասները` տեսանիւթով
