Ազրպէյճանը Ներխուժած է Հայաստանի Տարածք․ Ատիկա Անընդունելի է․ Ծերակուտական Մենենտես

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտեսը Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով պետական քարտուղարի տեղակալի պաշտօնին Քերըն Տոնֆրայտի թեկնածութեան հաստատման լսումներուն ժամանակ իր մտահոգութիւնը յայտնած է նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին կողմէ «Ազատութեան աջակցութեան ակտ»ի 907-րդ ուղղումէն հրաժարելու որոշման առնչութեամբ։ Այս մասին կը յայտնէ Հայ Դատի ԱՄՆ յանձնախումբը:

«Ազրպէյճանը այժմ սահմանային վէճի իբրեւ արդիւնք ներխուժած է Հայաստանի ֆիզիքական տարածք, եւ ես կը կարծեմ՝ անոնք պիտի շարունակեն իրենց յարձակողական վարքագիծը, քանի դեռ յստակ ուղերձ չեն ստացած այն մասին, որ ատիկա անընդունելի է»,- նշած է Մենենտես: