Ազգային Ժողով Իմ Չերթալը Չի Նշանակեր Դուրս Գալ Պայքարէն․ Ռոպերթ Քոչարեանը Հրաժարած է Մանդատէն
Սիրելի հայրենակիցներ,
Այսօր «Հայաստան» դաշինքի պաշտօնական ներկայացուցիչ Արամ Վարդեւանեանը ԿԸՅ ներկայացուց պատգամաւորի մանդատէն հրաժարելու՝ որոշմանս մասին դիմումը:
Ժամանակին եղած եմ թէ՛ Արցախի, թէ՛ Հայաստանի խորհրդարաններու պատգամաւոր, սակայն բնաւորութեան կերտուածքով միշտ հանդիսացած եմ գործադիր իշխանութեան մարդ։ Համոզուած եմ, որ հիմա աւելի ճիշդ է տեղս զիջիլ խմբակիցներուս, որոնցմէ իւրաքանչիւրը, վստահ եմ, պիտի դառնայ լաւ պատգամաւոր։
Այս քայլով նաեւ համաձայնութիւնս կը յայտնեմ հազարաւոր խմբակիցներուս, որոնք ինծի փոխանցած են այդ կարծիքը, որ Արցախի Հանրապետութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի պաշտօններէն ետք պէտք չէ գայթակղիմ պատգամաւորի մանդատով։ Վերջապէս, ինծի ձայն կու տային իբրեւ Դաշինքի վարչապետի թեկնածու։
Միեւնոյն ժամանակ, հարկ կը համարեմ շեշտել, որ Ազգային Ժողով իմ չերթալը չի նշանակեր դուրս գալ պայքարէն։ Ֆրակցիան Դաշինքի ներկայութիւնն է ԱԺ-ի մէջ, իսկ ես կը շարունակեմ մնալ Դաշինքի առաջնորդը ու ամենօրեայ հետեւողական աշխատանքով նպաստել մեր սպասած յաղթանակներուն։
Վստահ եմ՝ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ։
Ռոպերթ Քոչարեան
