Ազրպէյճանական Զինուած Ուժերը Հայ-ազրպէյճանական Սահմանի Երասխի Հատուածին Վրայ Կրակոցներ Արձակած Են․ ՊՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Յուլիս 19-ի երեկոյեան ազրպէյճանական զինուած ուժերը հերթական անգամ դիմած են սադրիչ գործողութիւններու: Մասնաւորապէս, ժամը 18:40-էն սկսեալ, ազրպէյճանական ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ, որուն իբրեւ արդիւնք ծաւալած է փոխհրաձգութիւն: Հայկական կողմէն զոհեր եւ վիրաւորներ չկան:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խստիւ կը դատապարտէ ազրպէյճանական կողմի հերթական սադրանքը եւ կը նախազգուշացնէ, որ ցանկացած նման գործողութիւն պիտի արժանանայ հայկական կողմի կոշտ արձագանգին: Իրադրութեան սրման ողջ պատասխանատւութիւնը կ՝ինայ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ: