Մահացած է Տուտուկահար Ջիւան Գասպարեանը

Հայաստան

Մահացած է նշանաւոր տուտուկահար եւ երգահան Ջիւան Գասպարեանը։ Այս մասին Facebook-ի իր էջով յայտնած է տուտուկահարի թոռնիկը՝ Ջիւան Գասպարեան կրտսերը։

«Շատ մեծ ցաւով կը գրեմ մեծ կորուստիս մասին։ Աստուած հոգիդ լուսաւոր երկնքի մէջ պահէ»,- գրած է Ջիւան Գասպարեան կրտսերը։