Հայ Բռնցքամարտիկը Յաղթած է Թուրք Բռնցքամարտիկին

Աշխարհ, Հայաստան

Թիֆլիսի մէջ ընթացող բռնցքամարտի Եւրոպայի առաջնութեան՝ 44 քկ քաշային Էրիկ Առստամեանը պարտութեան մատնած է իր թուրք մրցակիցը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

Առաջին խաղին մեր մարզիկը յաղթած է մրցավարներու միաձայն որոշումով, իսկ երկրորդ խաղին՝ երկու անգամ նոքտաունի ենթարկած է մրցակիցը, որմէ ետք մրցավարները դադրեցուցած են մենամարտը:

Երէկ մեր բռնցքամարտիկներէն՝ թուրք մարզիկի նկատմամբ՝ բացայայտ առաւելութեամբ յաղթանակ տօնած էր նաեւ 80 քկ քաշային Դաւիթ Սիմոնեանը: