Մեծ Շէնէն Ոչ Մէկ Ընտանիք Հեռացած Է

Հայաստան

Մարտակերտի շրջանի Մեծ Շէն համայնքի բոլոր բնակիչները պատերազմէն ետք կը շարունակեն ապրիլ գիւղին մէջ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Artsakhpress.am-էն։

Ըստ Մեծ Շէն համայնքի ղեկավար Դաւիթ Անանեանի՝ բնակիչները սկսած են ապրիլ բնականոն կերպով: «Պատերազմէն ետք դպրոցը վերաբացուած է 2020 թուականի Դեկտեմբեր 1-էն. այստեղ կը յաճախէ 50 աշակերտ, իսկ մանկապարտէզը` Դեկտեմբեր 7-էն, որտեղ կը յաճախէ 24 երեխայ: Ունինք բուժկէտ, ակումբ, մշակոյթի տուն, հանդիսութիւններու սրահ, որոնք կը գտնուին բարւոք վիճակի մէջ: Համայնքապետարանի շէնքը եւս կը գտնուի բնական վիճակի մէջ: Գիւղը ապահովուած է կազով, ելեկտրականութեամբ: Ջուրի խնդիր ունէինք. քսան օր շարունակ ջուր չէինք ստանար, բայց բոլոր խնդիրները լուծուած են»,- դիտել տուաւ համայնքապետը:

Ըստ աղբիւրին՝ պատերազմին պատճառով գիւղը, բարեբախտաբար, շօշափելի վնասներ չէ ունեցած։

Պատերազմական գործողութիւններէն ետք գիւղին մէջ եօթը ընտանիք վերաբնակեցուած է: Մէկ տուն վերանորոգուած է, հոն վերաբնակեցուած է Թալիշէն տեղահանուած ընտանիքը: Այս պահուան դրութեամբ, վերանորոգութեան մէջ է այլ տուն մը` Հադրութէն տեղահանուած ընտանիքին տրամադրելու նպատակով:

Խօսելով գիւղացիներուն զբաղուածութեան եւ անոնց ապագայ ծրագիրներուն մասին` Դ. Անանեան նշեց, որ բնակչութիւնը հիմնականին մէջ կը զբաղի անասնապահութեամբ, հողագործութեամբ եւ բոյսերու մշակումով։