Արցախի Հանրապետութեան Ճանաչմամբ Մենք Կը Ճեղքենք Ազրպէյճանի Կողմէ ԱՀ Մեկուսացման Քաղաքականութիւնը․ Գէորգ Ղուկասեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան, թէկուզ ապակեդրոն մակարդակով, ճանաչումը այն արձանագրումն է, որ մենք կը ճեղքենք Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան մեկուսացման քաղաքականութիւնը, եւ ցոյց կու տանք անկախացման գործընթացին անշրջելիութիւնը։ Այս մասին, Yerkir.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին, ըսած է ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի յատուկ ծրագրերու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան։

Ան ընդգծած է, որ Արցախը Դաշնակցութեան գործունէութեան առանցքային ուղղութիւններէն է, եւ այդպէս եղած է միշտ՝ Ղարաբաղեան հիմնախնդրի սկիզբէն ի վեր։

«Պատահական չէ, որ նախորդ դարի ընթացքին, երբ Արցախի մասին կ՝երազէին միայն ամենամոլեռանդ հայրենասէրները, Դաշնակցութիւնը նպատակաուղղուած աշխատանք կը տանէր։ Վերջին իրադարձութիւններէն՝ պատերազմին պարտութենէն ետք Արցախը, ի հարկէ, մեր պաշտպանութեան, մեր նուիրումի, գործունէութեան կարիքը աւելի շատ ունի։ Եւ Դաշնակցութիւնը պիտի չի հրաժարի Արցախէն, ինչպէս չէ հրաժարած նախորդ դարի ընթացքին, ինչպէս առաջին, երկրորդ պատերազմի ընթացքին, այսինքն, Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կազմակերպութիւնը բոլոր ուղղութիւններով ամբողջ կարողականութեամբ կը շարունակէ հետապնդել Արցախի դատը»,- ըսած է Գէորգ Ղուկասեան։

Ան նշած է, որ ՀՅԴ Հայ Դատի կարեւոր ուղղութիւններէն մէկն ալ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային յարաբերութիւններու ընդլայնումն է։ Անիկա ունի 3 մակարդակ․ առաջինը՝ ապակեդրոն ճանաչման մակարդակն է, երբ տարբեր երկիրներու նահանգներ ու քաղաքներ կը ճանչնան Արցախի անկախութիւնը։ Երկրորդը՝ ապակեդրոն համագործակցութիւնն է Արցախի տարբեր քաղաքներու, համայնքներու միջեւ՝ եւրոպական, ամերիկեան, մերձաւոր արեւելեան, աւստրիական տարբեր քաղաքներու միջեւ, ասոնք «քոյր քաղաքներ»ու պայմանագրերն են։ Եւ երրորդ մակարդակը միջխորհրդարանական դիւանագիտական յարաբերութիւններն են Արցախի Հանրապետութեան եւ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու միջեւ։ Գէորգ Ղուկասեան նշած է, որ այս երեք մակարդակներով երկար տարիներ Հայ Դատի յանձնախումբերը սպասարկած են Արցախի Հանրապետութեան միջազգային յարաբերութիւնները։

ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերը այս պահուն ամենատարբեր ուղղութիւններով աշխատանքներ կը տանին․ օրինակ, ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը մեծ ծաւալի աշխատանք կը տանի գերիներու վերադարձին նպաստելու ուղղութեամբ, եւ յատկապէս Պայտընի վարչակազմին կողմէ Արցախին ու Հայաստանին տրամադրուելիք նիւթական օժանդակութեան ուղղութեամբ, որպէսզի պատերազմի հետեւանքները մեղմելը աւելի դիւրին ըլլայ՝ տեղեկացուցած է Գէորգ Ղուկասեան։

Աշխատանքներ կը տարուին նաեւ այն ուղղութեամբ, որ պաշտօնական Ուաշինկթընը վերականգնէ 907-րդ բանաձեւին պահանջները, այսինքն, Ազրպէյճանը զրկէ ցանկացած տիպի ռազմական օժանդակութենէ, իսկ ընդհանրապէս նաեւ նիւթական օժանդակութենէ, ինչպէս նաեւ Պաքուի ու Անգարայի քաղաքական վերնախաւին նկատմամբ կիրառէ պատճամիջոցներ։