Ամերիկացի Ծերակուտականները Արցախի Ականազերծման Համար 2 Միլիոն Տոլար Խնդրած Են

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ ծերակուտականներ Քրիս Վան Հոլլըն եւ Թոտ Եանկ նամակ յղած են ԱՄՆ Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնաժողովին՝ խնդրելով 2 միլիոն տոլար յատկացնել 44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի ականազերծման ծրագիրին:

«Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմին հետեւանքով կասեդային ռումբերէն, հրթիռներէն եւ պայթուցիկ այլ զինատեսակներէն առաջացած աղտոտուածութիւնը հասած է բարձր մակարդակի: Խիստ վտանգաւոր զինամթերքը դեռ կը գտնուի տուներու մօտ, անոնք կ՝աղտոտեն փողոցներն ու այգիները՝ առաջացնելով լուրջ վտանգ: Պայթուցիկ առարկաներու ականազերծումը վճռորոշ է հակամարտութեան ժամանակ աւերուած ենթակառուցուածքներու վերակառուցումը շարունակելու համար»,- նշուած է անոնց նամակին մէջ:

Ամերիկացի ծերակուտականները ընդգծած են, որ 2 միլիոն տոլար հանգանակութեան շնորհիւ կ՝աշխուժանան ականազերծման աշխատանքները, ու ընտանիքներուն հնարավորութիւն կը տրուի վերադառնալու իրենց կեանքին՝ առանց պայթուցիկներու վախի: