Պաքուի Մէջ Սկիզբ Առած Են «Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք-2021» Ազրպէյճանա-թրքական Զօրավարժութիւնները

Աշխարհ

Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորական գործակցութեան համաձայնագիրին համապատասխան, 28 Յունիսին, Պաքուի մէջ սկիզբ առած են մարտական վարժութիւններ՝ մարտական կրակով։ Այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի, յայտնած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Ըստ անոնց, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինեալ անձնակազմին մասնակցութեամբ՝ զօրավարժութիւններուն հիմնական նպատակն է բարելաւել երկու երկիրներու բանակներուն ստորաբաժանումներու փոխգործակցութիւնը ռազմական գործողութիններու ընթացքին, զարգացնել հրամանատարներու ռազմական որոշումներ կայացնելու եւ ստորաբաժանումներու հմտութիւնները:

Զօրավարժութիւններուն, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ 30 Յունիս, ներգրաւուած են մինչեւ 600 զինուորական, մօտ 40 հռասայլ եւ այլ զրահամեքենաներ, մօտ 20 տարբեր տրամաչափի հրետանային կայանքներ եւ ականանետեր, 7 մարտական եւ երթեւեկային ուղղաթիռ, 3 անօդաչու թռչող սարք՝ տարբեր նպատակներով, մինչեւ 50 երթեւեկային միջոց։