
Ազրպէյճանը Հայաստանի Հետ Սահմանին Վրայ Զօրամաս Մը Եւս Ստեղծած է
Լեռնային Ղարաբաղի`Հայաստանի հետ սահմանին վրայ գտնուող եւ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Պաքուի վերահսկողթեան տակ անցած Որոտանի (Քուպաթլու) շրջանի տարածքին, Յունիս 24-ին, Ազրպէյճանը ստեղծաց է նոր զօրամաս մը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Tert.am-էն։
Ազրպէյճանի Պետական սահմանապահ ծառայութեան պետ, զօրավար-գնդապետ Էլչին Կուլիեւ շնորհաւորած է անձնակազմը: Արարողութենէն վերջ ստուգուած են զօրամասերու եւ ստորաբաժանումներու մարտական պատրաստութեան յետագայ բարձրացման եւ անձնակազմի անվտանգութեան ապահովման աշխատանքները:
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 9-ին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերած են, ստորագրուած է յայտարարութիւն, որմով Ազրպէյճանին անցած են Արցախի եօթը շրջանները, Շուշին ու Հադրութը` բացառութեամբ մէկ գիւղի, գիւղեր Ասկերանի ու Մարտունիի շրջանէն, ինչպէս նաեւ Մարտակերտի շրջանի Թալիշ եւ Մատաղիս գիւղերը: