Յաջողած Ենք Հայաստանէն Ստանալ Միայն Աղտամի Շրջանի Քարտէսը, Միւս Շրջաններուն Մէջ Հարիւր Հազարաւոր Ականներ Կան, Սակայն Անոնք Կը Մերժեն Մեզի Քարտէսներ Տրամադրել. Ալիեւ

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի գերագոյն ներկայացուցիչ Միկել Անխել Մորաթինոսի հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, որ Արցախի Աղտամ (Ակնա) շրջանին մէջ 97.000 ական տեղադրուած եղած է:

«Յաջողեցանք Հայաստանէն ստանալ միայն Աղտամի շրջանի քարտէսը. միւս շրջաններուն մէջ հարիւր հազարաւոր ականներ կան, սակայն անոնք կը մերժեն մեզի քարտէսներ տրամադրել», ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքին համաձայն, ըսած է Ալիեւ` աւելցնելով, որ պատերազմի աւարտէն ետք ականներու պայթումի պատճառով 30 ազրպէյճանցի սպաննուած է, աւելի քան 100 ուրիշներ վիրաւորուած են:

Ալիեւի համաձայն, ներկայիս ականազերծման եւ վերականգնման աշխատանքներ տեղի կ՛ունենան Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ:

Նշենք, որ Ակնայի ականապատ քարտէսներուն դիմաց Ազրպէյճան 15 հայ գերիներ ազատ արձակած է: