Թուրքիոյ Քրտամէտ Կուսակցութեան Նախագահը Այցելած է Հայկական Վաքըֆ Գիւղ

Աշխարհ, Էրկիր, Սփիւռք

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) համանախագահ Փերւին Պուլտանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նախօրէին այցելած է Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղ՝ Վաքըֆ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Պուլտանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Վաքըֆի Մայր Աստուածածին եկեղեցի, հանդիպած, զրուցած եկեղեցւոյ սպասաւորներուն հետ եւ մոմ վառած:

HDP-ական գործիչները այնուհետեւ հանդիպած են Վաքըֆ գիւղի գործակցական ընկերութեան կին ներկայացուցիչներուն հետ:

Փերւին Պուլտանը այդ հանդիպման ընթացքին ելոյթ ունեցած է:

«Ալեւիներու, հայերու եւ քիւրտերու ճակատագրերը նոյնն են։ Եւ մենք պէտք է համատեղ պայքարի միջոցով գտնենք յաջողութեան ուղիները»- ըսած է ան։