Զաբորոժիէ Քաղաքին Մէջ Հանդիսաւոր Կերպով Հայոց Այբուբենին Նուիրուած Յուշարձան Բացուած է

Աշխարհ, Սփիւռք

Ուքրանիոյ Զաբորոժիէ քաղաքին մէջ իրականացուող Հայկական մշակոյթի օրերուն ծիրէն ներս՝ հայկական եկեղեցւոյ տարածքին՝ հանդիսաւոր կերպով բացուած է հայոց այբուբենին նուիրուած յուշարձանը: Վկայակոչելով analitikaua.net-ը՝ Armenpress.am-ը կը տեղեկացնէ, որ բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են Զաբորոժիէի մարզպետ Կոնստանթին Պրիլ, Ուքրանիոյ հայերու միութեան գործադիր տնօրէն Յովակիմ Յարութիւնեան, Զաբորոժիէի շրջանի հայերու միութեան նախագահ Արտաշէս Սարգսեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեան:

Ուքրանիոյ հայերու միութեան տեղեկատւութեան համաձայն, անիկա Հայաստանէն դուրս գտնուող ամենախոշոր յուշարձաններէն է՝ նուիրուած հայոց այբուբենին:

«Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահ Վիլէն Շատուորեանի անունով կը շնորհաւորեմ հայ մշակոյթի կարեւոր եւ վառ խորհրդանիշներէն մէկուն բացման արարողութեան առիթով, որ իր տեսակով միակն է Ուքրանիոյ տարածքին: Զաբորոժիէ համայնքը իր աշխատանքով բարձր նշաձող կը սահմանէ եւ այս ձեռնարկը անոր վառ ապացոյցն է»,- նշած է Յովակիմ Յարութիւնեան: