Յուշ Երեկոյ՝ Նուիրուած Արցախեան Պատերազմին Զոհուած Գէորգ Հաճեանի 50-ամեակին

Հայաստան, Սփիւռք

Յունիս 11-ին, ժամը 16։00-ին, Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանին մէջ պիտի կայանայ յուշ երեկոյ՝ նուիրուած Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած տաղանդաշատ երգիչ Գէորգ Հաճեանի 50-ամեակին։

Նշենք, որ ձեռնարկը կը կայանայ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս։