ՀՅԴ-ն Միակ Կուսակցութիւնն Էր, որ Ստանձնեց Սրաշէնի Ուղղութեամբ Մեր Պետական Սահմանի Պաշտպանութիւնը. Կապանի Քաղաքապետ
«Սիւնեաց Երկիր» (Սյունյաց Երկիր) կայքը Յունիս 20-ի ընտրութիւններուն վերաբերեալ զրոյց մը ունեցած է Կապանի քաղաքապետ Գէորգ Փարսեանի հետ։ Վերջինս, իր զրոյցին մէջ անդրադարձած է նաեւ ՀՅԴ-ի հանդէպ իր կեցուածքին՝ նշելով.
«Կ՝ուզեմ ընդգծել ՀՅԴ կուսակցութեան հանդէպ իմ ունեցած բարոյական պարտքը. միակ կուսակցութիւնն էր, որ կանգնեցաւ մեր կողքին Կապանի պաշտպանութեան ժամանակ՝ վերջին պատերազմին: Երբ Հոկտեմբեր 18-ին անհրաժեշտ էր Կապանը պաշտպանել, ՀՅԴ-ն միակ կուսակցութիւնն էր, որուն անդամները՝ մէկ վաշտ, Չեչենի գլխաւորութեամբ (Արայիկ Յովհաննիսեան), ստանձնեց Սրաշէնի ուղղութեամբ մեր պետական սահմանի պաշտպանութիւնը, ի դէպ՝ ամբողջութեամբ իրենց ուժերով. զէնքը ձեռքին մեր կողքին կանգնած դաշնակցականներէն քիչերն էին տեղացի։ Ես ՀՅԴ կուսակցութեան շնորհակալ եմ, որ այդ օրերուն կանգնեցաւ մեր կողքին ու նեցուկ եղաւ մեզի»,- ըսած է Կապանի քաղաքապետ Գէորգ Փարսեան։
