Թուրքիոյ 1-ին Մասնագէտ Բռնցքամարտիկ Կարպիս Զաքարեանի Յիշատակին Նուիրուած Ցուցահանդէս
Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ, Յունիս 3-ին, բացուած է Թուրքիոյ 1-ին մասնագէտ բռնցքամարտիկ, «Երկաթէ բռունցք» ծածկանունով յայտնի Կարպիս Զաքարեանի յիշատակին նուիրուած ցուցահանդէս։ Հանրութեան ներկայացուած են Զաքարեանի լուսանկարներն ու իրերը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։
.jpg)
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած են Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը, Պէյօղլուի համայնքապետ Հայտար Ալի Եըլտըզը, Թուրքիոյ բռնցքամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Էյուպ Կիոզկեչը, Զաքարեանի հարազատները եւ ուրիշներ:
.jpg)
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Յունիս 10:
Յիշեցնենք, որ Զաքարեանը մահացած էր 2020թ․ Յունուար 25-ին, 90 տարեկանին։
