Սփիւռքը Իր Գործօն Մասնակցութիւնը Պէտք է Ունենայ Հայաստանի եւ Արցախի Զարգացման Հարցին Մէջ․ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Հայաստան, Սփիւռք

«Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի մէջ ձեւաւորուի թէ օրէնսդիր, թէ գործադիր իշխանութիւններ, որոնք իսկապէս կը վերադարձնեն Հայաստանի համար ազգային գաղափարախօսութիւնը, կը հզօրացնեն Հայկական բանակը, կը ստեղծեն Հայաստանի մէջ զարգացման հնարաւորութիւններ, լուրջ բանակացութիւններ կը վարեն Արցախեան ճակատի վրայ եւ նաեւ կը փորձեն վերացնել այն բոլոր արգելքները, որոնք դրուած են երկքաղաքացիութիւն ունեցող սփիւռքահայերուն դիմաց… Ուրախ ենք յայտնելու, որ ՀՅԴ-ն միակ ուժն է, միակ դաշինքը՝ Ռ.Քոչարեանի եւ Վերածնուող Հայաստանի հետ կազմուած, որ հանգամանօրէն քննարկած է այս նիւթերը եւ իւրաքանչիւրին համար արդէն իսկ կ՛առաջարկուին լուծումներ…»։ Այս մասին յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան՝ «Լուրերէն Անդին» հաղորդման ընթացքին։