Էրզրումի Մէջ Հակահայկական Քարոզչական Բնոյթի Թանգարան Պիտի Ստեղծուի
Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող քաղաքականութիւնը նոր թափ ստացած է: Երկրի իշխանութիւնները հակահայկական թեզերու շրջանառման եւ ամրապնդման համար կը դիմեն տարատեսակ գործիքակազմերու։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։
Այժմեան Թուրքիոյ արեւելեան Էրզրում (Կարին) քաղաքին մէջ պիտի կառուցուի «հայերու կատարած բռնութիւններ»ու մասին պատմող թանգարան, որուն համար քաղաքացի մը 5 միլիոն տոլար նուիրատւութիւն ըրած է:
Էրզրումի քաղաքապետ Մեհմեթ Սեքման յայտնած է, որ իրենց նպատակն է աշխարհին պատմել 1918թ. առաջ կատարուած «դաժանութիւններ»ուն մասին:
Կը նախատեսուի, որ նոր հաստատութիւնը ունենայ 2 բաժին՝ թանգարան եւ գրադարան:
