Կիլիկիոյ Թագաւորութեան Նուիրուած Առցանց Քննարկում

Հայաստան, Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին՝ Ուրբաթ, 11 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան նուիրուած առցանց քննարկում մը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։

Քննարկումը պիտի առաջնորդէ դոկտ․ Արման Ս․ Եղիազարեան, որ Երեւանի պետական համալսարանի Սփիռքագիտութեան  ամպիոնի վարիչն է։

Քննարկումին «Զում»ով մասնակցելու համար օգտագործել հետեւեալ տուեալները՝

Meeting ID: 864 7185 3213

Passcode: 406800:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 679-5677 թիւին։