ՀՀ ԱԳՆ Բոլոր Փոխնախարարները Հրաժարական Տուած են

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարարներ Արտակ Ապիտոնեան, Աւետ Ադոնց եւ Արմէն Ղեւոնդեան աշխատանքէն դուրս գալու դիմում ներկայացուցած են։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Mediaport-էն։

Այսօր առաւօտեան կառավարութենէն փորձած են համոզել փոխնախարարները ետ վերցնելու դիմումները ու ներկայացուցիչ ուղարկելու կառավարութեան նիստին, սակայն մերժում ստացած են: ԱԳ նախարարութեան ներկայացուցիչին աթոռը դատարկ է կառավարութեան նիստին:

Նշենք, որ Մայիս 31-ին պաշտօնապէս հաստատուած էր ԱԳ փոխնախարար Գագիկ Ղալաչեանի հեռանալու լուրը:

Յիշեցնենք, որ ԱԳՆ-ի մէջ լարուած վիճակին պատճառը Նիկոլ Փաշինեան-Իլհամ Ալիեւ ուղիղ կապն է, որուն հետեւանքով Փաշինեանը առանց ԱԳՆ-ին անգամ տեղեակ պահելու Ազրպէյճանի շահերէն բխող յայտարարութիւններ կ՝ընէ, հակահայկական բովանդակութեամբ փաստաթուղթեր ստորագրելու խոստումներ կու տայ՝ կրկնելով ազրպէյճանական ծանուցումներուն թեզերը»,- գրած է Mediaport-ը: