Վանքի Մանկապարտէզը Հացի Փառատօն Կազմակերպած Է

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ, Յունիս 1-ին, կազմակերպուած էր հացի փառատօն: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Artsakhpress.am-էն։

Փառատօնը նուիրուած էր երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան։ Անիկա կազմակերպուած էր համայնքի ղեկավարի, մանկապարտէզի տնօրէնի եւ աշխատակազմի համատեղ ջանքերով։

Բնութագրությունը հասանալի չէ

«Փառատօնին ընթացքին մանկապարտէզի սաները ներկաներուս ցոյց տուին հացի արարման ողջ գործընթացը՝ սկզբէն մինչեւ վերջ, իսկ աւարտին մեզ հիւրասիրեցին իրենց ձեռքով թխուած հացով»,- յայտնած է Վանքի համայնքապետ Անդրէյ Սարգսեան: Ան նշած է, որ առանձնայատուկ խորհուրդ ունի Արցախի մանուկներուն ձեռքով թխուած հացի հիւրասիրութիւնը։ Անիկա, ըստ Սարգսեանի, պատերազմին յաջորդած այս ծանր ժամանակաշրջանին կեանքի շարունակութիւնը կը խորհրդանշէ։