«Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»-ը Նախընտրած Են Համերգ Տալ Արցախի Մէջ եւ Ո՛չ՝ Աւստրիոյ
Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր Հովանու մայր տաճարին մէջ, Մայիս 31-ին, կայացաւ «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբի հոգեւոր համերգը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Artsakhpress.am-էն։
Համերգի ընթացքին փոքրիկ երգիչները երգեցին Ներսես Շնորհալիի «Առաւօտ Լուսոյ», Մակար Եկմալեանի «Բարեխօսութեան» եւ «Սուրբ, սուրբ», Կոմիտասի «Սուրբ Աստուած», «Տէր ողորմեայ», «Օրհնեալ է Աստուած», «Աւէ Մարիա», “Սանթա Մարիա”, Ալեքսանտր Յարութիւնեանի «Մանկական աղօթք» եւ այլ հոգեւոր երգեր:
Երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր խմբավար, փրոֆէսըր Տիգրան Հեքեքեան լրատուամիջոցին յայտնած է, թէ երգչախումբը պէտք է փառատօնի երթար կա՛մ Աւստրիա, կա՛մ Արցախ, եւ երգչախումբի սաները միանգամայն միաբերան ըսած են, որ Արցախ կ՝ուզեն երթալ։

«2012 թուականէն սկսեալ՝ մենք պարբերաբար կու գանք Արցախ, եւ ամէն անգամ կարծես կ՝երթանք հրաշք երկիր մը, եւ ամէն անգամ կարծես կը վերադառնանք տուն: Ես ուրախ եմ, որ ոչ միայն ես այդպէս կը զգամ, այլ նաեւ ՝ երգչախումբի բոլոր սերունդներու երեխաները: Մենք կը սիրենք մեր այս հողակտորը, այս կտոր մը արեւը»,- ըսած է Հեքեքեան: Մինչ Արցախեան 3-րդ պատերազմը, երգչախումբը իր կատարումներով հանդէս կու գար Շուշիի Ղազանչեցոց Մայր տաճարին մէջ, եւ ատիկա յատուկ ելոյթ չէր, այլ միայն ժողովուրդի համար կատարուած երգ:



Նշենք, որ երգչախումբը նախօրէին հոգեւոր համերգով հանդէս եկած էր նաեւ Գանձասարի վանական համալիրին մէջ։
