Ազրպէյճանական Իշխանութիւնները Պարտաւոր Են Անյապաղ Ազատ Արձակել ՀՀ 6 Զինծառայողները․ ՄԻՊ
«Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի Գեղամասար համայնքի Կութ գիւղի բնակիչէն այսօր վաղ առաւօտեան ստացած է ահազանգ, ըստ որուն, Մայիս 27-ի վաղ առաւօտեան գիւղի հարեւանութեամբ տեղի ունեցած է զինուած միջադէպ, գիւղին մէջ պարզ լսուած են կրակոցներ, եւ ազրպէյճանական զինուած ուժերը առեւանգած են ՀՀ զինծառայողներ։
Ահազանգով նշուած է, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերու այդ գործողութիւնները ա՛լ աւելի լարուածութիւն առաջացուցած են գիւղին մէջ:
ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի, ներառեալ` Գեղարքունիքի ստորաբաժանման ուսումնասիրութիւնները հաստատած են, որ դէպքը տեղի ունեցած է Գեղարքունիքի մարզի Գեղամասար համայնքի Կութ գիւղի անմիջական հարեւանութեամբ: Միջադէպը լարուածութիւն յառաջացուցած է նաեւ գիւղին եւ քաղաքացիական բնակիչներուն մէջ: Այս ամէնը հաստատուած է նաեւ համայնքի ղեկավարին կողմէ: Նշուած միջադէպին վերաբերեալ տեղեկութիւններ հրապարակուած են զանգուածային լրատւութեան միջոցներով:
Արձանագրուած է նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը այն մասին, որ ՀՀ զինուած ուժերու 6 ծառայողներ թիւ N զօրամասի պահպանութեան տարածքին մէջ ճարտարագիտական աշխատանքներ կատարելու ընթացքին՝ ազրպէյճանական զինծառայողները շրջափակած եւ գերեվարած են զիրենք:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը փաստահաւաք աշխատանքներու արդիւնքներով արդէն քանի մը անգամ արձանագրած է, որ ազրպէյճանական զինուորականները Մայիս 12-էն սկսեալ, բացայայտ կեղծ քարտէզներու վկայակոչմամբ գտնուելով ՀՀ ինքնիշխան տարածքին մէջ, անօրինական առաջ եկած են Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի քաղաքացիական բնակավայրերու ուղղութեամբ:
Արձանագրուած են ազրպէյճանական զինուորականներու՝ ՀՀ սահմանային բնակիչներու իրաւունքները կոպիտ խախտող յանցաւոր գործողութիւնները (Սիւնիքի ու Գեղարքունիքի մէջ զէնքով սպառնալիքներ հովիւներուն, կրակողներ գիւղերու անմիջական հարեւանութեամբ եւ այլն):
ՀՀ քաղաքացիական բնակավայրի անմիջական հարեւանութեամբ տեղի ունեցած՝ ազրպէյճանական զինուած ուժերու այսօրուան արարքները լրջօրէն կը վտանգեն ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի քաղաքացիական բնակավայրերու բնակիչներուն կեանքն ու առողջութիւնը, անոնց ֆիզիքական անվտանգութիւնն ու հոգեկան անձեռնմխելիութիւնը:
Ազրպէյճանական զինուած ուժերու ծառայողներու այս արարքները պէտք է դիտարկել 2021թ. Մայիս 12-ին ու 13-ին Գեղարքունիքի ու Սիւնիքի գիւղերու հովիւներուն զէնքի ցուցադրումով սպառնալու, սահմանային հատուածներու վրայ` գիւղերու անմիջական հարեւանութեամբ սադրանքներ հրահրելու, քաղաքացիական բնակչութեան մօտ լարուածութիւն առաջացնելու, սահմանային բնակիչներուն իրենց պատկանող խոտհարքներն ու արօտավայրերը օգտագործելու օրինական իրաւունքէն զրկելու միասնական դիտաւորութեան ծիրէն ներս:
ՀՀ քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ ազրպէյճանական զինծառայողներր նման պարբերական սադրանքներ ու իրաւունքներու խախտումներ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը արձանագրած է նաեւ պատերազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք` Մայիս 12-էն առաջ (տեղ գտած են զեկոյցներու եւ հաղորդումներու մէջ):
Միջազգային կառոյցները պէտք է այս գործօններուն միջեւ իրական կապը պարտադիր հաշուի առնեն եւ նոր գնահատեն, թէ ով է իրականութեան մէջ խաթարողը խաղաղութիւնն ու անդորրը տարածաշրջանին մէջ, որոնք են մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ վայրագութիւններու իրական պատճառները:
Նշուածը լրացուցիչ կը հաստատէ, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները պարտաւոր են անյապաղ ազատ արձակելու ՀՀ 6 զինծառայող քաղաքացիները»:
