Հայ Դատի Յանձնախումբը Քոնկրեսին Կոչ Կ՝ընէ Դադրեցնելու Ամերիկացիներու Հարկերու Հաշուին Ազրպէյճանական Բանակին Նիւթական Աջակցութիւնը
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը (ANCA)՝ անդրադառնալով ազրպէյճանական ԶՈՒ-ի կողմէ Գեղարքունիքի մարզին մէջ հայ զինծառայողներու գերեվարման՝ հորդորած է կոչ ընել ԱՄՆ Քոնկրեսին՝ դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու հարկերու հաշուին նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել ազրպէյճանական բանակին։ Այս մասին գրուած է կազմակերպութեան Facebook-ի էջին մէջ, որուն կից հրապարակուած է հայ գերեվարուած զինուորներուն լուսանկարը։
«Ազրպէյճանական զինուժը, որ պարզապէս մէկ անգամ եւս ներխուժած է Հայաստան եւ գերեվարած 6 հայ զինուոր՝ կպչուն ժապաւէնով փաթթելով անոնց ձեռքերն ու գլուխները, գումարներ կը ստանայ ԱՄՆ-ի հարկերէն։ Կանգնեցուցէ՛ք ատիկա հիմա։ Կոչ ըրէք Քոնկրեսին՝ հիմա՛»,- գրուած է լուսանկարին կից յայտարարութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ այսօր վաղ առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածին վրայ՝ ՀՀ ԶՈՒ N զօրամասի պահպանութեան տարածքին մէջ աշխատանքներ կատարելու ընթացքին՝ ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ շրջափակուած եւ գերեվարուած է ՀՀ ԶՈՒ վեց զինծառայող։
