Աթէնքի «Օմոնիա» Կեդրոնական Հրապարակը Պիտի Լուսազարդուի Հայկական Եռագոյնով
Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 103-րդ տարեդարձին առիթով, Ուրբաթ՝ 28 Մայիսին, Աթէնքի կեդրոնական «Օմոնիա»ի հրապարակի տպաւորիչ շատրուանը եւ ջրաւազանը պիտի լուսազարդուին հայկական Եռագոյնի՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն գոյներով, յարգանքի տուրք մատուցելով Հայաստանի անկախութեան փառապանծ հռչակումին։
Աննախընթաց այս լուսաւորումը կարելի եղաւ իրագործել Աթէնքի քաղաքապետ Քոսթաս Պաքոեանիսի եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի գործակցութեամբ։ Քաղաքապետը անմիջապէս ընդառաջեց Հայ Դատի յանձնախումբի փափաքին՝ յարգելով հայ ժողովուրդի մեծ յաղթանակին խորհուրդը։
