Ազրպէյճանի Նախագահի Այն Ելոյթները, Որոնք Հայատյացութեան ու Թշնամանքի Քաղաքականութեան Վկայութիւն Են, Ուղարկուած Են Միջազգային Մարմիններուն. ՀՀ ՄԻՊ

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանի նախագահի այն ելոյթները, որոնք հայատյացութեան ու թշնամանքի քաղաքականութեան վկայութիւն են, պաշտօնական նամակով ուղարկած եմ ՄԱԿ-ի Ռասսայական խտրականութեան վերացման կոմիտէ, ԵԽ-ի Ռասիզմի եւ անհանդուրժողականութեան դէմ յանձնաժողով, ՄԱԿ-ի եւ ԵԽ-ի մարդու իրաւունքներու յանձնակատարներուն եւ միջազգային շարք մը այլ մարմիններու։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Արման Թաթոյեանէն:

Ան նշած է, որ այս անգամ խօսքը կը վերաբերի Ազրպէյճանի նախագահի 2021թ. Ապրիլ ամսուան ելոյթներուն:

«Ուղարկուած ելոյթներուն մէջ Ազրպէյճանի նախագահը կը խօսի ուժի ու սպառնալիքի լեզուով, կ՝օգտագործէ այնպիսի բառեր, որոնք կը նսեմացնեն ողջ հայ ժողովուրդի, Հայաստանի ու Արցախի ողջ բնակչութեան արժանապատւութիւնը, ունին ահաբեկող բնոյթ, լարուածութիւն կ՝առաջացնեն հայկական հասարակութեան մէջ, եւ իր ելոյթներով ան կ՝ընդգծէ ազրպէյճանական ժողովուրդի առաւելութիւնները»,- նշած է Թաթոյեան:

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի նախաձեռնած այս գործընթացը շարունակական պիտի ըլլայ. Ազրպէյճանի նախագահի ելոյթներն ու ուղերձները կ՝ենթարկուին յատուկ ուսումնասիրութեան.

«Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին նպատակն է ցոյց տալ ազրպէյճանական իշխանութիւններու ցեղասպան բնոյթի քաղաքականութիւնը, որ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու պատճառ է, նոր դաժանութիւններու լուրջ սպառնալիք եւ կը վտանգէ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը»: