Ազրպէյճան Կը Սրբապղծէ Շուշիի Ղազանչեցոց Եկեղեցին

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան կը տեղեկացնէ, թէ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) եկեղեցւոյ մէջ «Վերանորոգութեան աշխատանքներ»-ու պատրուակով,  Ազրպէյճան կը սրբապղծէ հոգեւոր մշակութային արժէքներէն մէկը: Յատկապէս գմբէթնէ, որ քանդուած է: Յստակ է, թէ Պաքուի  նպատակը ոչնչացնել է հայկական ներկայութիւնն ու հետքը:

Գեղամ Ստեփանեան կը յայտնէ, թէ. «Ազրպէյճանը չի կրնար վերականգնել ժողովուրդի մը մշակութային արժէքը, որուն նկատմամբ տարիներ շարունակ
կը տարածէ պետական մակարդակով համակարգուած ատելութիւն:

Այսպէս կոչուած ՛՛նորոգման աշխատանքներ՛՛-ու քօղին տակ՝ ազրպէյճանցիները կ՝աղաւաղեն հայկական հոգեւոր մշակութային կարեւորագոյն արժէքներէն մէկը` Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին:

Բազմաթիւ դէպքերով մենք տեսած ենք, թէ Ազրպէյճանը
ինչպէս կը վերաբերի հայկական մշակութային արժէքներուն, եւ արդէն իսկ հասկնալի է, թէ ՛՛վերանորոգման աշխատանքներ՛՛-ու անուան տակ իրականութեան մէջ ինչ կը կատարուի․ նպատակը հայկական ներկայութիւնն ու հետքը ոչնչացնելն է:

Տարիներ շարունակ Ազրպէյճանի կողմէ վարուած է Արցախի մէջ հայկական քրիստոնէական մշակոյթը այլ ազգերուն վերագրելու պետական քաղաքականութիւն, որ բազմիցս քննադատութեան արժանացած է պատմաբաններու եւ մշակութաբաններու կողմէ պարզ պատճառով մը, այդ փորձերը հիմնազուրկ են թէ՛ պատմական ժամանակագրութեան, թէ՛ մշակութային- ճարտարապետական առանձնայատկութիւններու տեսանկիւնէ:

Եթէ Ազրպէյճանը իրօք կը հոգայ մշակութային արժէքներու պահպանութեան մասին եւ ՛՛կը վերանորոգէ՛՛ զայն, ուստի մեծ հարց կ՝առաջանայ` ո՞րն է պատճառը, որ մինչեւ այսօր չէ արտօնած, որ UNESCO-ի անկախ փորձագիտական խումբը ժամանէ տարածաշրջան:

Ազրպէյճանի կողմէ հայկական մշակոյթի նկատմամբ իրականացուող վանտալութեան մասին մենք ամէն օր կը բարձրաձայնենք` միջազգային համապատասխան կառոյցները տեղեկացնելով կատարուողին մասին: Սակայն, հարցը քննադատութիւններէն կամ կոչերէն այն կողմ չ՝անցնիր, այնինչ յստակ քայլեր են պէտք: Թողտուութիւնն ու անպատժելիութիւն են Ազրպէյճանի սանձարձակ պահուածքին հիմնական պատճառները»: