Թուրքիան Պիտի Փորձէ Կանխել Եւրոպական Խորհրդարաններուն Մէջ Ցեղասպանութեան Բանաձեւերուն Ընդունումը. Չելիք
Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ-AKP) խօսնակ Օմեր Չելիքը կուսակցութեան նիստէն ետք կրկին անդրադարձած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու անոր շուրջ ապագայ զարգացումներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Sabah-ը։
Պատասխանելով լրագրողի այն հարցին, թէ արդեօք Թուրքիան միջոցներ պիտի ձեռնարկէ՞ Պայտընի յայտարարութենէն ետք որոշ եւրոպական երկիրներու խորհրդարաններու օրակարգ բերուող ցեղասպանութեան բանաձեւերուն ընդունումը կանխելու համար, Չելիք նշած է, որ իրենք արդէն խօսած են այն մասին, թէ «իրաւական ու քաղաքական տեսանկիւնէ ինչքան անհիմն է այդ որոշումը»:
«Ատիկա տարածաշրջանային կարգաւորումը խաթարող, հայկական սփիւռքի խաղաթուղթ հանդիսացող որոշում է: Ոչ ոքի ձեռքին մէջ չկան եղածը ցեղասպանութիւն որակելու համար անհրաժեշտ պատմական ու իրաւական փաստեր»,- Անգարայի ժխտողական թեզերը պնդած է Չելիք:
Ան նաեւ նշած է, որ 1915-ին տեղի ունեցած դէպքերուն վերաբերեալ Թուրքիան ունի շատ ինքնավստահ դիրքորոշում: Ըստ անոր՝ ցեղասպանութեան բանաձեւերը Թուրքիոյ դէմ օգտագործուող քաղաքական ճնշման գործիքներ են:
«Այդ գործիքներուն դէմ, ի հարկէ, կը շարունակենք մեր դիւանագիտական ջանքերը: Պիտի շարունակենք պայքարը եւրոպական երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ հնարաւոր նոր որոշումներու ընդունումը կանխելու նպատակով»,- ընդգծած է Չելիք:
Ան չէ ընդունած Թուրքիոյ մէջ տարբեր ընդդիմադիր շրջանակներու կողմէ հնչեցուող մեղադրանքները առ այն, որ ԱՄՆ-ի նախագահի որոշման ընդառաջ իրենց կառավարութիւնը բաւարար միջոցներ չէ ձեռնարկած որոշումը կանխելու համար:
