Ատրպատականի Հայութեան Հաւատարմութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին
Շաբաթ 24 Ապրիլին, Ատրպատականի Հայոց թեմի զաւակները Թաւրիզի եւ Ուրմիայի մէջ, պահանջատիրութեան խոր զգացումով եւ ազգասիրութեան ապրումներով յիշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան սրբացեալ նահատակները, ոգեկոչելով անոնց յիշատակը եւ ամրապնդելով իրենց հաւատքը շուտափոյթ արդարութեան ու հատուցման նկատմամբ:
Աշխարհացունց համավարակի պայմաններուն մէջ, երբ Ատրպատականի զոյգ նահանգները կարմիր գոյնի (բարձր զգուշաւորութեան) դրութեան մէջ են, հազիւ կարելի եղաւ արտօնութիւն ձեռք բերել, մեր զոյգ քաղաքներու երկու եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ գտնուող Ապրիլեան յուշարձաններուն առջեւ բացօթեայ արարողութիւն կատարելու:
Ա. «Բարեխօսական Կարգ»
Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի նախագահութեամբ, առաւօտեան ժամը 11-ին տեղի ունեցաւ մեր սուրբ նահատակաց «Բարեխօսական կարգ»ը, Թաւրիզի Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Նահատակաց յուշարձանին առջեւ:
Սոյն արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ներկայացուցչական հանգամանքով շատ խիստ թիւով անձերու ներկայութեամբ, որոնք կը ներկայացնէին թեմի Պատգամաւորական ժողովի, Թեմական խորհուրդի, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու տարբեր կազմերը:
Սուրբ Նահատակաց մասունքը կրող ճաճանչը զետեղուած էր բեմի վրայ, որուն պահպանութիւնը յանձնուած էր ՀՄԱԿ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդի զոյգ ներկայացուցիչներուն:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով սրբադասուած մեր նահատակներուն համար խմբագրուած «Բարեխօսական կարգ»ը սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ յատուկ շարականով, որուն յաջորդեցին առաքելական նամակի եւ աւետարանի ընթերցումները: Ապա՝ սրբոց յիշատակութեան յատուկ մաղթանքով յիշուեցան առաւել քան մէկուկէս միլիոն նահատակները ազգիս հայոց:
Իր պատգամին մէջ, առաջնորդ սրբազանը ուխտի հաւատարմութեան կոչ ուղղեց, կարենալ դիմակայելու համար հին եւ նոր բոլոր այն մարտահրաւէրները, որոնք կը սպառնան մեր ազգի գոյութեան:
Նոյն օրը, նոյն ժամուն, Ուրմիոյ Սբ. Ստեփանոս ծխական եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կանգնեցուած Ապրիլեան յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ «Բարեխօսական կարգ»ը, Մարտիրոս քհնյ. Ղուկասեանի միջոցով, որուն ներկայ գտնուեցան Պատգամաւորական ժողովի Ուրմիոյ շրջանի անդամներ, ինչպէս նաեւ Գործակալական խորհուրդի եւ Ուրմիոյ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչ անդամներ:
Երկու քաղաքներուն մէջ, եկեղեցական արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց, երբ բոլոր ներկաները ե՛ւ անհատապէս ե՛ւ իրենց կազմակերպութեան կամ միութեան անունով ծաղիկներ զետեղեցին սուրբ նահատակներու յուշարձանին առջեւ, աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ անոնց բարեխօսութեամբ ողորմի մեր ազգին ու հայրենիքին:
Եկեղեցական արարողութիւնը եզրափակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով, երբ սրբազան հայրը սուրբ նահատակաց մասունքակիր ճաճանչով օրհնեց ներկաներին: Ապա, Պատգամաւորական ժողովի եւ Թեմական խորհուրդի անդամներ զոյգ-զոյգ ծաղկեմատոյց կատարեցին յուշարձանին: Ներկայացուցչական հանգամանքով ներկայ ազգայինները մօտեցան յուշարձանին ծաղկեմատոյցի համար եւ խնկեցին սուրբերու մասնատուփին առջեւ զետեղուած կրակը:
Բ. Մասնակցութիւն Տուներէն
Ինչպէս տարբեր գաղութներու մէջ, Ատրպատականի մէջ եւս՝ Թաւրիզ եւ Ուրմիա, մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց տուներուն մէջ մոմեր վառած, յարգանքով հսկում կատարեցին, իրենց ընտանեկան յարկերուն մէջ ստեղծելով «յիշելու եւ յիշեցնելու» մթնոլորտը:
Նոյն գիշեր՝ Ապրիլ 23-ին, Ատրպատականի Ազգային առաջնորդարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, ի յարգանս մեր սրբացեալ նահատակաց: Առաջնորդ սրբազանի միջոցով կատարուած մոմավառութիւնը, թեմի ողջ ժողովուրդին անունով աղօթք էր, Ապրիլեան սուրբ նահատակաց յիշատակին:
Գ. Աշակերտական Ծրագիրներ
ՀՕՄ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի «Ծերունի Գասպարեան» մանկապարտէզ-նախակրթարանի սաները, գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցչուհիներուն՝ Նայիրի եւ Անի Դիլանեաններուն, ասմունքի, երգի, նկարչութեան եւ ձեռարւեստի աշխատանք տարած էին, իրենց մանկական արուեստով յարգելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը: Յայտնենք, որ անոնք իրենց ուսուցչուհիներու եւ ծնողներու հետ, մէկ օր առաջ այցելեցին Նահատակաց յուշարձան եւ ծաղկեմատոյց կատարեցին:
Թաւրիզ


