ՀՅԴ-ի Բողոքի Ցոյցը` ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան Շէնքին Դիմաց

Հայաստան

Հաշուի առնելով իրաւապահ մարմիններուն կողմէ ՀՅԴ ներկայացուցիչներուն դէմ վերջին ժամանակաշրջանին Երեւանի ու մարզերու մէջ իրականացուող քաղաքական հետապնդումները՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը իր երեկուան յայտարարութեամբ դիմած էր իրաւապահ մարմիններուն եւ պահանջած մնալ բացառապէս օրէնքով իրենց վերապահուած լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ, չարժեզրկել պետական հիմնարկները, չդառնալ օրուան իշխանութիւններուն քաղաքական կամակատարը, ծառայել Հայաստանի Հանրապետութեան ու քաղաքացիի օրինական շահերուն։

Այս պահանջը բարձրաձայնելու համար այսօր, Ապրիլ 29-ին, ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան շէնքին առջեւ հրաւիրուած էր բողոքի ցոյց:

Դատախազութիւնը, փոխանակ իրաւապահ մարմիններու գործունէութեան հետեւելու, անտարբերութեան կը մատնէր հարցը եւ քաղաքացիներուն կ՝արգիլէր իրենց բողոքը ներկայացնել․ ցոյցին ժամանակ այս մասին ըսաւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի անդամ Արծուիկ Մինասեան:

«Ապրիլ 22-ին, երբ Սիւնիքի հերոսական ժողովուրդը անհրաժեշտ իր գնահատականը կու տար երկրի ղեկավարին, սկսաւ այլանդակ հետապնդումներու շարան, 30-էն աւելի անձեր ոստիկանատուն տարուեցան եւ ձերբակալուեցան»,-յիշեցուց Մինասեան եւ աւելցուց, որ երբ կազմակերպուեցաւ աջակցութիւն սիւնեցիներուն ցոյցը եւ պահանջուեցաւ ազատ արձակել ապօրինաբար ոստիկանատուն տարուածները, շարուկանուեցան քաղաքական հետապնդումները արդէն ցոյց իրականացնող անձերուն նկատմամբ:

Մինասեան յիշեցուց, որ ցոյցի ժամանակ քաղաքացիները հանդիպում կը պահանջէին ՀՀ գլխաւոր դատախազին հետ, սակայն, ժողովուրդին խօսքը անտեսուեցաւ: «14 անձ եւս տարուեցաւ ոստիկանատուն դատախազութեան դիմացէն ու իբրեւ արդիւնք՝ ներկայացուած կեղծ մեղադրանքով այսօր կալանաւորուած է Հայկ Հեքիմեանը եւ ասոր մեղաւորը դուք էք, գլխաւոր դատախազութիւն եւ դատախազներ, որովհետեւ չէք կատարեր Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքով ձեր վրայ դրուած պարտաւորութիւնները, դուք կ՝անտեսէք արժանապատիւ հայուն պահանջը»:

Մինասեան կոչ ըրաւ, որ իրաւապահ համակարգին մէջ իրենց արժանապատիւ համարողները չարտօնեն, որ այս օրինակով խայտառակուին վերջիններուս անունները: «Ներսէն պայքարեցէք, յանուն մեր, ձեր երեխաներու: Մենք իրաւունք չունինք մեր նահատակուած զաւակներուն պայքարը ձգելու օդէն կախուած: Յարգելի՛ իրաւապահ մարմիններ, ընդունեցէ՛ք այն ամօթը, այն անարգանքը, որ ժողովուրդը կը յղէ ձեզի, դուք պարտաւոր էք ծառայելու ՀՀ-ին, հայ ժողովուրդին, Հայաստանի քաղաքացիի օրինական շահին»:

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով

ւմ։