Ֆրանսան Պէտք Է Հայ Ռազմագերիները Ազատելու Կոչ Ուղղէ Ազրպէյճանին. Ֆրանսուա Փուփոնի
Ֆրանսայի Վալ Տուազ բաժինի պատգամաւոր, նախկին սոցիալիստ Ֆրանսուա Փուփոնին երկրի խորհրդարան ներկայացուցած է նոր բանաձեւ, ուր կոչ ուղղած է Ֆրանսային` Ազրպէյճանէն պահանջելով ռազմական գործողութիւններէն վերջ ռազմագերիները եւ խաղաղ բնակիչները վերադարձնելու: Այս մասին ֆրանսացի պատգամաւորը գրած է իր Facebook-ի էջին մէջ` հրապարակելով բանաձեւին նախագիծը:
«Ես առաջարկ տուի ընդունելու բանաձեւ հայ ռազմագերիները անյապաղ ազատ արձակելուն առնչութեամբ: Արցախի մէջ Ազրպէյճանի հետ հակամարտութենէն ետք շատ հայ զինուորներ տակաւին կը գտնուին Ազրպէյճանի մէջ եւ կը սպասեն հայրենադարձութեան: Ազրպէյճանի այս արարքը լիովին կը հակասէ միջազգային իրաւունքի ձեւաչափերը եւ Ժընեւի համաձայնութիւնը: Ֆրանսան պէտք է կոչ ուղղէ Ազրպէյճանին` ազատելու անոնց, եւ այս է իմ բանաձեւին իմաստը: Ես կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել այն խորհրդարանականներուն, որոնք համաձայնած են ստորագրելու»,- գրած է Փուփոնի:
