Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Հրապարակման Համար Տիարպեքիրի Փաստաբաններու Պալատին Դէմ Հետաքննութիւն Սկսած է
Թուրքիոյ մէջ Տիարպեքիրի հանրապետական գլխաւոր դատախազութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առիթով յայտարարութիւն ընելու համար՝ Տիարպեքիրի փաստաբանական պալատին դէմ հետաքննութիւն սկսած է: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։
Պալատի նախագահին եւ խորհուրդի անդամներուն դէմ մեղադրանք առաջադրուած է Թուրքիոյ քրէական օրէնսգրքի՝ «թուրք ժողովուրդը, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, պետական հաստատութիւններն ու օրգանները նսեմացնելու» մասին համապատասխան յօդուածի յատկանիշներով:
Նշենք, որ Տիարպեքիրի փաստաբանական պալատի Twitter-ի էջին մէջ հրապարակուած էր գրառում, որուն կից տեղադրուած էր ամբողջական յայտարարութեան կապը (link):
«Կը կիսենք Մեծ աղետին ցաւը: Մենք որեւէ տեղ չենք կրնար հասնիլ՝ պատմութեան խաւարէն խուսափելով: Հայերուն ներկայացուցած ճշմարտութիւնը անցեալի հետ առերեսուելու ամենակենսական հանգոյցներէն մէկն է»,- կը նշուի գրառման մէջ:
Յայտարարութեան մէջ անդրադարձ եղած է 1915թ. Ապրիլ 24-ին հայ մտաւորականներու ձերբակալութեան եւ անոնց «անյայտ ճակատագրերուն», ներկայացուած վերջին տարիներուն նոյնաբովանդակ հրապարակումներու համար պալատին դէմ առաջադրուած մեղադրանքները եւ թրքական իշխանութիւններուն ու հասարակութեան կոչ ըրած՝ առերեսուելու հայերուն ներկայացուցած ճշմարտութեան հետ:
