Թուրքիոյ Մէջ Առաջարկած Են Ղրիմը Ճանչնալ Իբրեւ Ռուսիոյ Տարածք՝ Ի Պատասխան Պայտընի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալուն
Անգարայի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքին Թրքական Vatan կուսակցութիւնը կոչ ուղղած է փակելու ամերիկեան ռազմական կայանները Թուրքիոյ մէջ եւ Ղրիմը ճանչնալու որպէս Ռուսիոյ տարածք` ի պատասխան ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէն Օսմանեան կայսրութեան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։
«Մենք կը դիմենք կառավարութեան: Պայտընի յարձակումին կարելի չէ պատասխանել բառերով: Գործողութիւն ձեռնարկելը հրամայական է: Ղրիմի եւ Աբխազիոյ, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան ճանաչման համար պէտք է դիւանագիտական շփումներ սկսիլ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի հետ», ըսած է թրքական կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Օզկիւր Պուրսալին:
Յիշեցնենք, որ 26 Ապրիլին այդ կուսակցութեան ղեկավար, տխրահռչակ Տօղու Պերինչէք յայտարարած էր Ինճիրլիքի ռազմակայանէն ԱՄՆ զօրքերու վտարման անհրաժեշտութիւնը: Պերինչէք 2020-ին յայտարարած էր Ղրիմը ռուսական հող ճանչնալու անհրաժեշտութիւնը:
Բաւական բուռն քաղաքական անցեալ ունեցող Տօղու Պերինչէք յայտնի ձախակողմեան գործիչ եղած է եւ քանի մը անգամ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է իր հայեացքներուն համար: 2007-ին շուէտական դատարանը Պերինչէքը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար դատապարտած էր 90-օրեայ կալանքի եւ դրամական տուգանքի:
