
Իրանահայ Համայնքի Յարգանքի Տուրքը՝ Ապրիլեան Բիւրաւոր Նահատակներու Անմոռաց Յիշատակին
Այս տարի, Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի ոգեկոչումը՝ «քորոնա» ժահրէն յառաջացած համաճարակին պատճառով՝ կատարուեցաւ յատուկ սահմանափակումներով: Այդ իսկ պատճառով՝ ժողովրդական յարգանքի տուրքի մատուցման արարողութիւնը հաւաքականէն փոխարկուելով անհատականի՝ կեդրոնացաւ Ս. Սարգիս, Ս. Թարգմանչաց եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ։
Կիրակի, Ապրիլ 25-ի առաւօտեան, մեկնարկեց Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի բիւրաւոր նահատակներուն անհատական յարգանքի տուրքի մատուցումը։ Մեր հաւատացեալ եւ երախտապարտ ժողովուրդը՝ նշուած եկեղեցիներուն մէջ տեղակայուած Բիւրաւոր նահատակներու յուշարձաններուն ծաղիկի մատուցմամբ եւ անոնց անմոռաց յիշատակին խնկարկելով, հայցեցին անոնց բարեխօսութիւնը։
Նշելի է, որ սոյն ծրագիրը պիտի շարունակուի մինչեւ Ապրիլ 28, ամէն օր ժամը 11-20, յարգելով բոլոր առողջապահական սկզբունքներն ու կանոնները: Իւրաքանչիւր ոք, իր յարգանքի տուրքը մատուցելէն ետք՝ դուրս պիտի գայ եկեղեցւոյ տարածքէն:
Ազգային առաջնորդարանի Հանրային կապ