Թուրքիոյ ԱԳ Նախարարի Ջղաձգուած Գրառումը՝ ԱՄՆ Նախագահի Յայտարարութեան Վերաբերեալ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն ԱՄՆ նախագահ Ճոզէֆ Պայտընի ապրիլքսանչորսեան ուղերձով եւ անոր կողմէն ցեղասպանութիւն բառը պաշտօնապէս կիրառելէն վերջ՝ Twitter-ի իր էջին մէջ կատարած է հետեւեալ գրառումը՝

«Բառերը չեն կրնար փոխել պատմութիւնը, չեն կրնար վերաշարադրել: Մեր պատմութեան մասին ոչ ոքէն դաս քաղելու մտադրութիւն չունինք: Քաղաքական շահախնդրութիւնը խաղաղութեան եւ արդարութեան հանդէպ դաւաճանութիւն է:

Այս յայտարարութեան միակ հիմքը ժողովրդականութիւնն է, եւ մենք ամբողջովին կը մերժենք»:

Ermenihaber.am-ի տեղեկութիւններով՝ Չաւուշօղլու՝ չբաւարարուելով մէկ անգամեայ գրառումով` յոխորտագին մեկնաբանութեամբ երկրորդ անգամ բաժնեկցած է Twitter-ի իր էջին վրայ: