Հ.Յ.Դ. Բիւրոն Կ՝ողջունէ ԱՄՆ Նախագահի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Հաստատող Ուղերձը
2021թ. Ապրիլ 24-ը պատմական օր է հայութեան համար։ Պատմական օր է, որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի օրը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւնը, յանձինս նախագահ Ճոզէֆ Պայտընի, պաշտօնապէս վերահաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։
Այսպիսով, փաստօրէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները անցան այն բազմաթիւ երկիրներուն շարքը, որոնց ո՛չ միայն օրէնսդիր, այլ նաեւ գործադիր իշխանութիւնները ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի կողմէն Ցեղասպանութիւն եզրոյթին գործածութիւնը այս օրերուն յոյժ կարեւոր է նաեւ այն պատճառով, որ փաստացի գնահատական կը տրուի Արցախեան վերջին՝ 44-օրեայ պատերազմին ուղղակիօրէն ու անթաքոյց ներգրաւուած Թուրքիոյ՝ ասկէ 106 տարի առաջ կատարած ու առաւել քան մէկ դար շարունակուող ցեղասպանական գործողութիւններուն։
Արձանագրուած յաջողութիւնը արդիւնքն է տասնամեակներ շարունակ Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մարմիններուն, Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն ու հազարաւոր նուիրուեալներու անդուլ, անխոնջ ու անկոտրում պայքարին։ Անիկա՝ արգասիքն է մեր մարմիններուն, գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերու հանդէպ ամերիկահայութեան հաւատքի, հայութեան հետեւողական աշխատանքին, Հայ Դատի ամերիկացի բարեկամներուն, աջակիցներուն եւ քաղաքական գործիչներուն։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոն, այսու իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք անվհատ պայքարեցան այս յաջողութեան համար։ Վարձքներդ կատա՛ր։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու այս յայտարարութեան պատգամը մեզի համար միանշանակ է. պայքարը կը շարունակուի, մինչեւ Թուրքիան ընդունի իր պատմական պատասխանատւութիւնը եւ կատարէ արդարացի հատուցում։ Հայ Դատը ժամանցելիութիւն չի ճանչնար։ Հայութեան ոտնահարուած իրաւունքները պիտի՛ վերականգնուին։ Հայաստանն ու հայութիւնը իրենց արժանի տեղը պիտի՛ ունենան ազգերու համաշխարհային ընտանիքին մէջ։ Հայութիւնը պիտի՛ ունենայ անվտանգ ապրելու եւ արարելու հնարաւորութիւն իր բնօրրանին մէջ։
Ուրեմն, օն անդր առաջ՝ դէպի նոր յաղջողութիւններ ու նոր յաղթանակներ։
Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
24 Ապրիլ, 2021
ԵՐԵՒԱՆ
