Ողջունելի Է ԱՄՆ Նախագահ Պայտընի Առած Քաջ Քայլը. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Մեծապէս ողջունելի է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի առած իմաստուն ու քաջ քայլը՝ 1915-ին Օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութիւնը յիշել իր ճշգրիտ, պատմական եւ իրաւական անուանումով՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ։