Այսօրուան Ջահերով Երթը Կը Կայանայ Ի Յիշատակ 1,500,000 + 5000 Նահատակներու. ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային Կոմիտէ

Հայաստան

Այսօր` 2021թ․ Ապրիլ 23-ին, Ջահերով երթը կ՝ունենայ յատուկ նշանակութիւն։

Այսօր Ջահերով երթը կը կայանայ ի յիշատակ 1,500,000 + 5000 նահատակներուն։

Այսօր Ջահերով երթը կը վերահաստատէ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ Թուրքիայէն մեր պահանջատիրութիւնը, որ կ՝ենթադրէ Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչում, ինչպէս նաեւ նիւթական եւ հողային հատուցում։

Այսօր Ջահերով երթը կը շեշտէ, որ աներկբայօրէն կը մնանք տէրերը մեր բռնագրաւուած հայրենիքի ամէն մէկ կտորին` բռնագրաւումը ըլլայ Թուրքիոյ կողմէն, թէ` Ազրպէյճանի։

Այսօր Ջահերով երթը անգամ մըն ալ կը հաստատէ, որ թուրքը կը մնայ թշնամի, ու որ պիտի մերժուի անոր հետ որեւէ տեսակի երկխօսութիւն` մինչեւ հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան բաւարարումը։

Կը մնանք հաւատարիմ Հողին ու Հայուն։