Կոչ Կ՝ընենք Ազրպէյճանական Կողմին Զերծ Մնալու Սադրիչ Գործողութիւններէն. ԱՀ ՊՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Վերջին օրերուն հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ տարբեր ուղղութիւներով՝ խախտած է հրադադարի պահպանումը: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Նշուած խախտումներու առանձնայատկութիւնը այն է, որ եթէ նախապէս թշնամական կողմը մեծ մասամբ կը կրակէր դէպի օդ, ներկայիս, սակայն, աւելի յաճախակի դարձած են ՊԲ մարտական դիրքերու եւ սահմանամերձ խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ արձակուած կրակոցները:

Համոզուած ըլլալով, որ նշուած խախտումները նպատակ ունին խուճապային տրամադրութիւններ ստեղծելու Արցախի ազգաբնակչութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ստուերելու ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան իրականացումը՝ կոչ կ՝ընենք ազրպէյճանական կողմին զերծ մնալու նման սադրիչ գործողութիւններէ եւ հաւատարիմ մնալու ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն: