Արամ Մանուկեանի Արձանին Մօտ՝ Թիկունք Կանգնելու Սիւնեցիներուն

Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է.

«Սիւնեցիները լռեցնելու խղճուկ փորձերը իշխանութիւններուն անզօրութեան ու անկարողութեան վկայութիւնն են։ Այս իշխանութիւնը իր ամէն գործողութեամբ կ՝ապացուցէ, որ իր գոյութիւնը կը հակասէ Հայաստանի Հանրապետութեան կենսական շահերուն, ուստի Հայաստանի ապագայով մտահոգուող իւրաքանչիւր ոք այսօր պէտք է կանգնի Սիւնիքի թիկունքին, հայրենիքի կողքին։

Այսօր՝ ժամը 18։30-ին՝ Արամ Մանուկեանի արձանին դիմաց»։