Լոյս Տեսած Է Մուշեղ Իշխանին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողովի Ժողովածուն

Հայաստան, Սփիւռք

Հայ բանաստեղծ, արձակագիր, դրամատուրգ, գրաքննադատ, հրապարակախօս եւ մանկավարժ Մուշեղ Իշխանին նուիրուած միջազգային գիտաժողովին զեկոյցները ամփոփուած են մէկ գիրքի մէջ եւ հրատարակուած։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

Գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ (ԵՊՀ), այսօր՝ Ապրիլ 21-ին։ Ե՛ւ միջազգային գիտաժողովին, ե՛ւ ժողովածուի լոյս ընծայման նախաձեռնութեան հեղինակներն են Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան երեւանեան գրասենեակը եւ ԵՊՀ հայ բանասիրութեան բաժանմունքը։

Ձեռնարկին ներկա էին գրականութեան եւ արուեստի գործիչներ, ուսանողներ, ժողովածուին մէջ ամփոփուած յօդուածներու հեղինակներ։

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան՝ Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզաննա Առաքելեան, ձեռնարկի սկիզբը՝ անդրադառնալով Մուշեղ Իշխանի գրական ու հասարակական գործունէութեան, վստահեցուց, որ այս ժողովածուն կրնայ սկզբնաղբիւր ըլլալ գրողի գրական ժառանգութիւնը ուսումնասիրողներուն համար։ Ան նաեւ կարեւոր համարեց  Մուշեղ Իշխանի Սփիւռքի մէջ կատարած մանկավարժական եւ հասարակական աշխատանքը՝ ներկաներուն փոխանցելով գրողին պատգամը, որ իւրաքանչիւր ժամանակահատուածի, իւրաքանչիւր իրավիճակի մէջ պէտք է հաւատալ հայրենիքի յաւերժութեան։

Մուշեղ Իշխանին նուիրուած ժողովածուն խմբագրած է գրականագէտ, բանասիրութեան դոկտոր Դաւիթ Գասպարեանը։ Անոր խօսքով՝ Մուշեղ Իշխանին նուիրուած այս գիրքը փոքրիկ յուշարձան է, ուր ընդգրկուած են պոեզիան, արձակը, թատերգութիւնը, մարդը, կենսագրութիւնը։ Գասպարեանի խօսքով՝ ան, որուն համար հետաքրքրական է Մուշեղ Իշխանը՝ իբրեւ ստեղծագործող, ուսուցիչ, մանկավարժ, այստեղ կը գտնէ ամէն բան։

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով

ն