Մէկ ու Կէս Միլիոն Նահատակ-Սուրբերու Յիշատակին Պատարագ Պիտի Մատուցուի Լառնաքայի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Մէջ

Սփիւռք

Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ին, Լառնաքայի Ս.Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, Ապրիլեան Մեծ Եղեռնին զոհուած մէկ ու կէս միլիոն նահատակ-Սուրբերու յիշատակին՝ Ս.Պատարագ պիտի մատուցուի։ Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ օրուան յատուկ պատգամը փոխանցէ Արժ.Տէր Մաշտոց Ա.Քհնյ. Աշգարեան։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Տէր Հօր Facebook-ի էջէն։

Պատարագի աւարտին՝ քահանայ հօր, սարկաւագաց դասուն, դպիրներու եւ ժողովուրդին մասնակցութեամբ պիտի կատարուի ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ՝ եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Խաչքարի կողքին։

Կը խնդրենք, որ մեր հաւատացեալները յարգեն պետութեան կողմէ սահմանուած առողջապահական պայմանները։

Հովիւ եւ հոգաբարձութիւն