
Հայկական Կողմին Եւս 15 Զինծառայողի Աճիւն Փոխանցուած Է
Այսօր ազրպէյճանական կողմը Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկա-Շեխեր համայնքներու խաչմերուկին վրայ հայկական կողմին փոխանցած է Վարանդայի (Ֆիզուլի) տարածաշրջանէն յայտնաբերուած՝ ռազմագործողութիւններու ընթացքին զոհուած եւ մինչ այժմ անհետ կորած համարուող եւս 15 (նախնական տուեալներ) զինծառայողի աճիւն:
Արցախի Հանրապետութեան ԱԻՊԾ-ի տեղեկութիւններով՝ անոնց ինքնութիւնը պարզ պիտի դառնայ դատաբժշկական փորձաքննութենէն ետք: 2020 Նոյեմբեր 13-էն առ այսօր Արցախի վերահսկողութենէն դուրս գտնուող տարածքներէն յայտնաբերուած կամ Ազրպէյճանի կողմէ փոխանցուած աճիւններու ընդհանուր թիւը (նախնական տուեալներ) 1518 է: