Կը Շրջափակենք Ազգային Ժողովը եւ ԱԺ-ն Կ՝աշխատի Միայն Այն Ժամանակ, Երբ Կ՝ընդունի Մեր Պետութեան Յարիր Որոշում. Վ. Մանուկեան

Հայաստան

ԱԺ-ն կ՝աշխատի միայն այն ժամանակ, եթէ գայ ընդունելու մեր ժողովուրդին յարիր որոշում։ Այս մասին, ըստ Yerkir.am-ի, յայտարարեց Հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան՝ Բաղրամեան պողոտայի հանրահաւաքի հարթակէն։

«Մենք կը շրջապատենք Ազգային ժողովը, եւ ԱԺ-ն կ՝աշխատի միայն այն պարագային, եթէ գայ ընդունելու մեր ժողովուրդին յարիր որոշում։ Իսկ մինչեւ այդ փակեցէ՛ք նաեւ միւս մուտքերը, յետոյ կը շարունակենք մեր խօսակցութիւնը»,-ըսաւ Վազգէն Մանուկեան։

Ան նշեց, որ պէտք է ամէն գիշեր Բաղրամեանի վրայ գոնէ 200-300 հոգի մարդ ըլլայ՝ պաշտպանելու վրանները։

Մանրամասները՝ տեսանիւթով․