Հայ Գե­րի­նե­րու Հար­ցով Նա­մակ­նե­ր՝ ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. ­Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բին Կող­մէ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ազր­պէյ­ճա­նի մէջ գե­րի պա­հո­ւող հա­յոր­դի­նե­րու վե­րա­դար­ձի հար­ցը ա­մէ­նէն կա­րե­ւոր եւ ա­րագ լու­ծում պա­հան­ջող խնդիր­նե­րէն մէկն է, ո­րուն լուծ­ման հա­մար ջան­քեր կը գոր­ծադ­րո­ւին հա­մադ­րա­բար։ Այս ի­մաս­տով, ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը վեր­ջերս նա­մակ­ներ ու­ղար­կեց ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սին, ինչ­պէս եւ ­Հել­լէն խորհր­դա­րա­նի պաշտ­պա­նու­թեան եւ ար­տա­քին հար­ցե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ ­Գոս­թաս ­Կիւ­լե­քա­սին եւ 52 ան­դամ-ե­րես­փո­խան­նե­րուն, ի­րենց նկա­տո­ղու­թեան յանձ­նե­լով հար­ցին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ շեշ­տե­լով ա­րագ մի­ջամ­տու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

­Նա­մա­կին զու­գա­հեռ խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­նե­րուն տրա­մադ­րո­ւե­ցան նաեւ Ազր­պէյ­ճա­նի ա­պօ­րի­նի ա­րարք­նե­րուն կա­պո­ւած փաս­տա­թուղ­թե­րու թղթած­րար եւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ մար­դոց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նի զե­կոյ­ցին ան­գ­լե­րէն տար­բե­րա­կը։