ԵՄ-ն Ազրպէյճանին Կոչ Կ՝ընէ Անյապաղ Ազատ Արձակելու Գերութեան Մէջ Յայտնուած 57 Հայ Զինծառայողները

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոմիութիւնը կ՝ողջունէ Ազրպէյճանի կողմէ հայ 5 զինծառայողներու ազատ արձակումը, որոնք գերեւարուած էին Ազրպէյճանի կողմէ Նոյեմբերին։ Այս մասին Twitterի իր էջին գրած է Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան խօսնակ Փիթըր Սդանօ։

«ԵՄ-ն կոչ կ՝ընէ անյապաղ ազատ արձակելու կալանքի տակ մնացած 57 անձերը։ Ասիկա պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման, որ կարեւոր է տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան համար»,- գրած է Սդանօ:

Նշենք, որ նախօրէին Ազրպէյճանէն վերադարձուեցան 5 գերիներ, գերութեան մէջ գտնուող 62 զինծառայողներ ալ հեռախօսակապով զրուցած էին իրենց հարազատներուն հետ։