Ասիկա Առաջին Քայլն է Ընտրական Գործընթացի Արմատական Բարելաւման Ուղղութեամբ. ՀՀ Նախագահի Ուղերձը Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Առիթով
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգոսեան ուղերձ մը յղած է Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն առիթով: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։
Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է.
«Յարգելի՛ հայրենակիցներ, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ամփոփեց Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքները: Կը շնորհաւորեմ ընտրութիւնները Սահմանադրական չափանիշներուն եւ սկզբունքներուն համահունչ իրականացնելու առիթով:
Ասիկա Նոր Հայաստանի առաջին քայլն է ընտրական գործընթացի արմատական բարելաւման ուղղութեամբ, որ հիմք կրնայ ծառայել յաջորդ ընտրութիւնները հանրային վստահութեան առաւել համերաշխ մթնոլորտի մէջ իրականացնելու համար։ Այս առումով բարձր կը գնահատեմ մրցակից դաշինքներու եւ կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ ընտրութեան չմասնակցած քաղաքական ուժերուն կեցուածքը, որոնք ընդունեցին ընտրութեան արդիւնքները եւ շնորհաւորեցին յաղթած ուժին։
«Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքի բարձր ցուցանիշները մեծ պատասխանատւութիւն կը դնեն անոր ղեկավարներուն, մասնաւորապէս՝ ապագայ քաղաքապետին վրայ: «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան եւ «Լոյս» կուսակցութիւններու դաշինքին նոյնպէս կը սպասուի լուրջ եւ ծաւալուն աշխատանք աւագանիէն ներս՝ ապահովելու համար կարծիքներու բազմազանութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը:
Կը մաղթեմ Երեւանի նոր իշխանութիւններուն արդիւնաւէտ աշխատանք՝ յանուն մայրաքաղաքի շէնացման եւ անոր բնակիչներու բարեկեցութեան աճին»:
