Ազրպէյճանը Կէսգիշերէն Ետք Հեռահար Քանի Մը Հրթիռ Արձակած է Ստեփանակերտի Ուղղութեամբ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի խաղաղ բնակավայրերուն մէջ, Ստեփանակերտէն բացի, Նոյեմբեր 8 լոյս 9-ին պահպանուած է յարաբերական հանգիստը։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն։

«Թշնամին կէսգիշերէն ետք կասեթային հեռահար քանի մը հրթիռ արձակած է Ստեփանակերտի ուղղութեամբ, վնասած քաղաքացիական ենթակառուցուածքները։ Տուժածներ` մայրաքաղաքի մէջ չկան։

Արցախի միւս բնակավայրերուն մէջ գիշերը համեմատաբար անցած է հանգիստ»,-կը նշեն ծառայութենէն։