Հայաստանի 2019-ի Պետական Պիւտճէն 185 Միլիառով Կ՛աւելնայ
Սեպտեմբեր 27-ին, կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ «ՀՀ 2019-ի պետական ամավարկի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան, ըստ որուն, 2019-ի համախմբուած ամավարկը կը գնահատուի եկամուտներու գծով՝ 1,533.7 միլիառ դրամ (առանց միջամավարկային փոխանցումներէ ստացուող մուտքերու), ծախսերու գծով՝ 1,685.3 միլիառ դրամ (անցեալ տարուան պիւտճէն կազմած էր 1500 միլիառ դրամ), պակասուրդը՝ 151.6 միլիառ դրամ:
Հայաստանի համայնքներու 2019-ի ամավարկերը կը գնահատուին եկամուտներու գծով՝ 138.9 միլիառ դրամ (ներառեալ՝ պետական ամավարկէն ստացուող պաշտօնական դրամաշնորհները), ծախսերու գծով՝ 138.9 միլիառ դրամ:
Օրինագիծով կը նախատեսուի, որ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը 2019-ի ընթացքին օրէնքով վերապահուած իրաւասութիւններու սահմաններուն մէջ, դրամավարկային քաղաքականութեան վերաբերեալ որոշումներ ընդունելու ընթացքին պիտի առաջնորդուի 12-ամսեայ գնաճի 4 +/- 1.5 տոկոսային կէտ տատանումներու թոյլատրելի միջակայքին մէջ նպատակային ցուցանիշով:
Ելեւմուտքի նախարար Ատոմ Ջանջուղազեան նշեց, թէ նախագիծը մշակուած է՝ նկատի ունենալով քանի մը նոր հանգամանքներ: Ըստ անոր՝ առաջինը հարկապիւտճէթային կանոններն են, որոնց համաձայն՝ պէտք է իրականացուի հարկապիւտճէթային քաղաքականութիւն, որ մասնաւորապէս պէտք է ունենայ պարտքը կայունացնելու միտում:
«Տրամաբանութիւնը հետեւեալն է՝ պարտք պիտի վերցնենք, որպէս կանոն, ընդհանուր ծախսերու համար, պարտք պիտի չվերցնենք ընթացիկ ծախսեր ֆինանսաւորելու համար», ըսաւ Ելեւմուտքի նախարարը:
Ըստ Ջանջուղազեանի՝ յաջորդ առանձնայատկութիւնը՝ 2019-էն պետական ամավարկը պէտք է ունենայ ծրագրային ձեւաչափով օրէնքով ներկայացում, որ կը նշանակէ, թէ ֆինանսական միջոցները, որոնք կ՛օգտագործուին ամավարկի շրջագիծին մէջ, ըստ էութեան, պիտի ըլլան երկրորդական:
«Կարեւոր կը նկատուին արդիւնքային ցուցանիշները, այն միջոցառումները, որոնք կը նախատեսուին իրականացել այդ արդիւնքներուն հասնելու համար», նշեց նախարարը:
Վերջինս յայտնեց, որ ծախսերու կառուցուածքին մէջ հիմնական տեսակարար կշիռը բաժին կ՛իյնայ ընկերային եւ մշակութային բնագաւառներու ծախսերուն շուրջ 44 տոկոսը:
Արարատ Միրզոյեան, անդրադառնալով «ՀՀ 2019-ի ամավարկի մասին» օրինագիծին՝ ըսաւ. «Մենք կը նախատեսենք որոշ փոփոխութիւններ, որոնց մէջ հարկային, նաեւ տնտեսութեան վրայ ազդեցութիւն գործող այլ օրէնսդրութիւն, բարեփոխումներ կ՛առաջարկենք: Աշխատանքներ պիտի տարուին նաեւ պետական կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ, որոնք պիտի յանգեցնեն ծախսային արդիւնաւէտութեան: Կը կարծեմ, թէ անոնք ազդեցութիւն պիտի ունենան 2019-ի ամավարկին վրայ, եւ մենք յընթացս որոշ փոփոխութիւններ պիտի կատարենք դէպի առաւել լաւը»:
Ջանջուղազեան նշեց, որ վերանայուած է 2018-ի տնտեսական աճի կանխատեսումը, կ՛ակնկալուի, որ անիկա 4.5 տոկոսի փոխարէն ըլլայ 6.5 տոկոս: Որովհետեւ փոխուած է հիմքը 2019-ի համար, հետեւաբար նուազած է կանխատեսումը 2019-ի համար՝ 5,3 տոկոսի փոխարէն անիկա պիտի կազմէ 4,9 տոկոս: Կը կանխատեսուի, որ գնաճը ըլլայ 2.7 տոկոս, որ թոյլատրելի (2.5-5.5 տոկոս) միջինին մէջ կը գտնուի:
